ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԻ ԱՐԽԻՎ 2013


Նվագահանդես լիբանանում23/05/2013

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ`  մայիս 23-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի «Կոմիտաս քառեակ»-ի բարձրորակ եւ սպասուած ելոյթը` ներկայութեամբ երաժշտասէր մեծաթիւ հանրութեան մը:

Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան` ըսելով, որ այսօր մենք միասնաբար պիտի ըմբոշխնենք համաշխարհային վարկ ունեցող հայրենի «Կոմիտաս քառեակ»-ի հրեշտակային մեղեդիները: «Վստահ ենք, որ բոլորս անմոռանալի երեկոյ մը ըմբոշխնած ըլլալով, հոգեկան գոհունակութեամբ պիտի բաժնուինք այս սրահէն` մեզի հետ տանելով անմահանուն Կոմիտասին ե՛ւ յաւերժական ներկայութիւնը, ե՛ւ հայաբոյր երաժշտութիւնը, շեշտեց Քիւրքճեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան «Կոմիտաս Քառեակ»-ի անդամները` գլխաւորութեամբ Եդուարդ Թաթեւոսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ալեքսանտր Քոսիմեանի, Սիւզի Երիցեանի եւ Անժելա Սարգսեանի: Ամբողջ մէկ ժամ հանդիսատեսի լուռ ունկնդրութեան հրամցուեցան դասական երաժշտութեան բարձրորակ կատարումներ, քառեակը մասնագիտական կատարելագործուած ձեւով ներկայացուց Հենտըլի «Փասաքալիա»-ն` Ասլամազեանի փոխադրութեամբ, ինչպէս նաեւ Մոցարթի «Մենուէտ»-ը եւ Չայքովսքիի «Անտանդէ Քանթապի Լէ»-ն:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինը, որ կ՛ընդգրկէր Կոմիտասեան «Հայկական ժողովրդական մանրանուագներ»-ու շարանը, հոգեհարազատ ձեւով ներկայացուեցաւ եւ յուզումով, հպարտութեամբ եւ մեծ գուրգուրանքով` ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Քառեակը ծափողջոյններու տարափին ներքեւ յաջորդաբար կատարեց «Երկինքն ամպել ա», «Հապրպան», «Ալ Այլուղս», «Գարունա», «Հոյ նազան», «Քելէ, քելէ», «Քելեր ցոլեր», «Շողեր ջան» եւ «Օրօր» նուագները, սակայն եզրափակիչ կտորներու նկատմամբ արտայայտուած գնահատանքին ի տես քառեակը կատարեց նաեւ «Կռունկը», «Վաղարշապատի պարը», եւ «Կաքաւիկ» ստեղծագործութիւնները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` իր սրտին խօսքը փոխանցելու ներկաներուն:

Ան ըսաւ, թէ «հոգեկան վայելքի օր մըն է, որ կ՛ապրինք այսօր «Կոմիտաս քառեակ»-ը հիւրընկալելով Լիբանան: Այս քառեակը, որ յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր 90-ամեակը, միշտ մնացած է բեմերու վրայ հնչեցնելով բարձրորակ հայ թէ օտար դասական երաժշտութիւն եւ իր մասնագիտական բարձր կատարումներով եղած է մեր ազգային հպարտութիւնը շոյող ազդակ»:

Համազգայինի առաքելութիւնը բարձր գնահատելով` սրբազանը ըսաւ, որ սփիւռքեան այս պայմաններուն մէջ Համազգայինի տարած աշխատանքը իսկապէս խնկարկելի գործ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքը իր մշակոյթի պաշտպանման մէջ է եւ այս յաւակնոտ աշխատանքն է, որ այսօր կը կատարէ Համազգայինը: Այս աշխատանքը իր ծաւալով պետութեան մը պարտաւորութիւնն է:

Այս եւ նման երեկոներ կազմակերպելուն համար սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ամենայն աջակցութիւն յայտնեց Համազգային` իր ազգապաշտպան գործին եւ առաքելութեան համար:

Ելոյթը փակուեցաւ յիշատակի լուսանկարներ առնելով եւ հանդիսատեսներուն շնորհաւորութիւնները ընդունելով:

«Ազդակ»